Havadk yev Meshagouyt
Havadk yev Meshagouyt
Երկու խօսք...
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեայ վարժարանը յաճախ տարբեր եղած այլ միութիւններէ եւ կամ Կիրակնօրեայ վարժարաններէ, միշտ ցգտած է կամուրջներ շինել՝ հայ մանուկին, հայ պատանիին, հայ ծնողքին եւ հայ եկեղեցւոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ միշտ նորանոր ձեւերով այդ կամուրջները կարուցել տալ եւ ինչպէս պատմութիւնը ի՛նք կը փաստէ, ան «ախոյանութիւն» շահած է այդ գիծէն ներս:
Սակայն այս անգամ պատմութիւնը տարբեր է, այս անգամ ելոյթը տարբերէ...
Հաւատարիմ մնալով իր եկեղեցւոյ արժէքներուն ու սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ եւ իր հայեցի դիմագիծին՝ այս տարի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Կիրակնօրեան հանդէս պիտի գայ նոր դեմայով, նոր ելոյթով՝ Մայիս 28... Հայաստանի անկախութիւն...
Կիրակի՝ 10 Յունիս 2018-ին, յետ միջօրէյի ժամը՝ 5:30-ին եկեղեցւոյս Սօսէ եւ Յակոբ Չիլինկիրեան սրահէն ներս: